Յարութ Սասունեան. Զգուշաւոր Լաւատես Եմ՝ Նախագահական Ընտրութիւններու Մէջ Պայտըն-Հարիս Զոյգի Յաջողութեան Գծով

20-08-2020 14:34:42   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն
3 Նոյեմբեր 2020ին, ամերիկեան հասարակութիւնը, որուն շարքին՝ ամերիկահայերը, պիտի քուէարկեն Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահի օգտին։
 
Թէ զորո՞նք պէտք է ընտրենք 3 Նոյեմբերին՝ իբրեւ նախագահ եւ փոխ նախագահ, չափազանց վիճայարոյց թեմա է: Գոյութիւն ունին ուժեղ եւ բուռն զգացումներ՝ կողմ կամ դէմ Պայտընի եւ Թրամփի, որոնք յաճախ կ՛արտայայտուին կոպիտ եւ վիրաւորական խօսքերով: 
Հաշուի առնելով նախագահ Թրամփի թրքամէտութիւնը, գոյութիւն չունեցող դիրքորոշումը հայկական հարցերու մէջ եւ իր անկայուն պահուածքը, ես որոշած եմ քուէարկել Պայտըն-Հարիս թեկնածուական զոյգի օգտին։ Այսպէս վարուելու դրդապատճառը ոչ միայն անոնց թեկնածութիւններուն արժանիքներն են, այլեւ առաւելաբար Թրամփ-Փենս զոյգի անյաջողութիւնները։ Հետեւաբար, յօգուտ Պայտըն-Հարիս զոյգին քուէարկելը, անշուշտ, քուէարկութիւն է ընդդէմ Թրամփի եւ Փենսի: Չորս տարի առաջ ես չէի քուէարկած Թրամփի, ոչ ալ Հիլըրի Քլինթընի օգտին՝ հաշուի առնելով իմ լիակատար հիասթափութիւնը երկու թեկնածուներէն: Այսուամենայնիւ, այս անգամ չեմ կրնար չէզոք մնալ, քանի որ Թրամփի կառավարման յաւելեալ չորս տարիները կ՛ըլլան Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան եւ աշխարհի հետ ամերիկեան յարաբերութիւններու կործանումը։ Միացեալ Նահանգներ չի կրնար շարունակել պատանդ պահուիլ Ամերիկայի ծայրայեղ աջակողմեան փոքրամասնութեան կողմէ, որուն վրայ կը հիմնուի Թրամփ: 2016ին, ընտրողներու յատուկ մարմինը փրկեց Թրամփը՝ թէեւ ան 3 միլիոն ձայն պակաս հաւաքած էր Հիլիրի Քլինթընէն։ 
 
Ինչ կը վերաբերի հայկական հարցերուն, ապա հաշուի առնելով հայ համայնքի հիասթափութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներու նախընտրական շռայլ խոստումներէն, որոնք անտեսուած են անոնց ընտրուելէն ետք, ես լաւատես չեմ, որ ամէն ինչ որ խոստացած է Պայտըն-Հարիս զոյգը կ՛իրագործուի, զոյգի ընտրութեան պարագային։ Այսուամենայնիւ, մենք բազմիցս ականատես եղած ենք Թրամփի սիրալիր յարաբերութեան՝ Թուրքիոյ բռնապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ինչ որ մօտիկ ապագային պիտի չաւարտի:
Սակայն թուրք ղեկավարները բաւական խելացի են՝ ընտրութիւններէն ետք Պայտըն-Հարիս զոյգը իրենց կողմը թեքելու համար, ինչպէս այդ ըրած են Թրամփի եւ նախորդ շատ ուրիշ նախագահներու պարագային: Ասիկա կ՛ըլլայ վճռական ճակատամարտ թուրք եւ հայ լոպիիստներու միջեւ. ճակատամարտ մը, որ, ցաւօք, բազմաթիւ անգամներ Թուրքիան շահած է:
 
Նախագահական աթոռի թեկնածու Ճօ Պայտըն եւ փոխ նախագահութեան թեկնածու Քամալա Հարիս յստակօրէն արտայայտած են իրենց աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
 
16 Սեպտեմբեր 2019ին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղած իր նամակին մէջ նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն յայտարարեց․ «Միացեալ Նահանգներ պէտք է միանգամընդմիշտ հաստատէ մեր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Մենք երբեք պէտք չէ մոռանանք կամ լռենք ազգի մը ոչնչացման ուղղուած այս սարսափելի եւ համակարգուած գործողութիւններուն մասին, որոնք 1․5 միլիոն հայ տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու մահուան եւ իրենց տուներէն 2 միլիոն հայերու զանգուածային տեղահանման պատճառ դարձած են: Եթէ մենք լիովին չգիտակցինք, չոգեկոչենք զոհերու յիշատակը եւ մեր մանուկներուն չպատմենք Ցեղասպանութեան մասին, «Այլեւս երբեք» արտայայտութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը: Փաստերը պէտք է ըլլան նոյնքան պարզ եւ համոզիչ ապագայ սերունդներու համար, ինչպէս նաեւ անոնց համար, որոնց յիշողութիւնը բթացած է ողբերգութենէն:  Ցեղասպանութեան փաստը չյիշելը կամ չճանչնալը միայն ճամբայ կը բանայ զանգուածային ապագայ վայրագութիւններու»։ 
 
Թէեւ այս մէկը շատ օգտակար յայտարարութիւն է, սակայն Պայտըն իր գրութենէն դուրս ձգած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործի՝ Օսմանեան կայսրութեան կամ Թուրքիոյ անունը։
 
Իբրեւ ծերակուտական՝ Պայտըն վաղուց ի վեր կը սատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ տարբեր բանաձեւերու, սակայն երբ ան փոխ նախագահ էր, նախագահ Պարաք Օպաման խափանեց Գոնկրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բոլոր ջանքերը՝ խախտելով քարոզչական իր բազմակի խոստումները: Ասոր փոխարէն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար Օպամա բազմիցս օգտագործած է «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը, որ նոյնութեամբ պատճէնուած է նախագահ Թրամփի կողմէ վերջին չորս տարիներուն։ Ծիծաղելի է, որ երկու նախագահները տարակարծիք են գրեթէ բոլոր հարցերու շուրջ՝ բացառութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթէն խուսափելու իրենց համաձայնութենէն:
 
Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական՝ փոխ նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիս 16 Սեպտեմբեր 2019ին նամակ մը յղած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարին՝ իր աջակցութիւնը յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Հարիս գրած է. «Ես հպարտ եմ, որ համահեղինակ եմ Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին, որով կ՛ապահովուի, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը պատշաճ կերպով արտացոլէ եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները: Երբ խօսք կ՛ըլլայ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու մասին, մենք երբեք չենք կրնար լռել․ մենք միշտ պէտք է խօսինք անցեալի տհաճ ճշմարտութիւններու մասին, որպէսզի չկրկնենք զանոնք»:
 
Հաշուի առնելով անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատի եւ ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունումը՝ հայկական հարցերը այլեւս չեն սահմանափակուիր Հայոց Ցեղասպանութեան վերահաստատմամբ: Կան նաեւ շարք մը այլ կարեւոր խնդիրներ, ինչպիսիք են` աւելի մեծ քանակութեամբ արտաքին օգնութեան տրամադրումը Հայաստանին ու Արցախին, ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան սատարումը, եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելը` Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու համար: Ասոնք հիմնախնդիրներուն քանի մը հատն են, որոնց վերաբերեալ ամերիկահայերը պետք է պահանջեն Պայտըն-Հարիս զոյգէն, որ ամուր դիրքորոշում որդեգրեն՝ նախքան անոնց սատարելը նախագահի եւ փոխ նախագահի պաշտօններուն համար։
 
 «Թրքական Ժառանգութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Ալի Չինար 12 Օգոստոս 2020ին հետեւեալը գրած է թրքական «Տէյլի Սապահ» թերթին մէջ՝ նկարագրելով Պայտընի բացասական տեսակէտները Թուրքիոյ վերաբերեալ.
 
« – Ան դէմ է Թուրքիոյ «Ինճիրլիք»ի ռազմակայանին մէջ միջուկային զէնք պահելուն:
– Ան դէմ է Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն Սուրիոյ մէջ եւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ դաւաճանած է YPG/PKKին («Ժողովրդական Ինքնապաշտպանութեան Ջոկատներ»/«Քրտական Բանուորական Կուսակցութիւն»)։
 
– Ան յայտարարութիւններ ըրած է Թուրքիոյ մամուլի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մասին մտահոգութիւններու վերաբերեալ:
– Ան կը շեշտէ, որ Թուրքիա պէտք է մեկուսացուի արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ իր դաշնակիցներու հետ համագործակցութենէն:
– Ան կը պաշտպանէ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռներու դուրս բերուիլը, հակառակ պարագային պատժամիջոցներ կը պահանջէ:
– Ան ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է «Կիւլենի ահաբեկչական խմբաւորման» (FETÖ), կամ անոր անդամները Թուրքիոյ յանձնելու մասին, իսկ անոր փոխ նախագահութեան շրջանին բան չէ կատարուած այս հարցի ուղղութեամբ:
 
– Ան քննադատած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը:
 
– Ան ըսած է, որ պիտի ճանչնայ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: 
 
Այս պահէն սկսեալ մինչեւ 3 Նոյեմբեր 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններ, մեր հետագայ յօդուածներուն մէջ շատ աւելի ըսելիք կայ Պայտընի եւ Թրամփի եւ անոնց դիրքորոշումներուն մասին հայկական եւ թրքական հարցերու վերաբերեալ։
 
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 


Նոյյան տապան   -   Վերլուծություն
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփյուռքից





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media