Պէտք Է Պարտութեան Մատնել Վիրճինիոյ Նահանգապետի Թեկնածուն՝ Թրքական Լոպիիստին

25-08-2021 10:28:02   |   |  Քաղաքական
 
20 Օգոստոս 2021ին, Washington Free Beacon առցանց թերթը հրապարակած է Չաք Ռասի գրածը՝ «Թուրքիան վճարած է Մքոլիֆի ընկերութեան՝ կազմակերպելու քարոզարշաւ՝  ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան ամերիկեան ճանաչման» վերնագրով։
 
Թերի Մքոլիֆ Վիրճինիա նահանգի նահանգապետի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն է: 8 Յունիս 2021ին ան յաղթած է Դեմոկրատական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն եւ նահանգի համընդհանուր ընտրութիւններու պահով՝  Նոյեմբերին,  պիտի ճակատի  Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Կլեն Յանկքինի դէմ: Հարցախոյզերը  ցոյց կու տան, որ այս շատ հաւասար մրցավազք է: 2014էն 2018, Մքոլիֆ նախապէս վարած է Վիրճինիոյ նահանգապետի պաշտօնը:
 
Ամերիկահայերը պէտք է օգնեն, որ պարտութեան մատնուի Մքոլիֆ՝ ազդանշան մը ուղարկելով անոր, որ իրենք չեն հանդուրժեր մէկը, որ կը ստէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ կը վարձատրուի անոր համար․․․
 
Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ 1990էն 1994, մօտաւորապէս 1.3 միլիոն տոլար վճարեց Մքոլիֆի  հիմնադրած՝ «Մքոլիֆ, Քելլի եւ Ռաֆայելի» խորհրդատուական ընկերութեան՝ «լոպիիստական եւ հասարակայնութեան հետ կապերու շարք մը ծառայութիւններ մատուցելու համար», որոնց շարքին՝ խոչընդոտելու ԱՄՆ Քոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, կը հաղորդէ Washington Free Beacon:
 
Մքոլիֆ եղած է Դեմոկրատական ազգային կոմիտէի նախագահ, ինչպէս նաեւ նախագահ Պիլ Քլինթընի եւ կնոջ՝ Հիլըրիի, վաղեմի ընկերը: Թէեւ Մքոլիֆ ըսած է, որ չէ զբաղած իր ընկերութեան ամէնօրեայ լոպիիստական գործունէութեամբ, սակայն անոր նախկին գործընկեր Ռիչըրտ Սփիզ, «Փոլիթիքօ» (Politico) ամսագրին ըսած է, որ «ան այն սօսինձն էր, որ կը միացնէր այդ վայրը»: Համաձայն Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրման գործողութեան (FARA) բացայայտումներուն, զորս ես քննեցի, Մքոլիֆի լոպիիստական ընկերութիւնը բազմահազար տոլարներ  նուիրած է Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի տասնեակ անդամներու քարոզարշաւին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին համար կազմակերպած է յատուկ հանդիպումներ  Քոնկրեսի անդամներու հետ եւ կանոնաւորաբար  հանդիպած՝ Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներու եւ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, քարոզարշաւային իր գործունէութեան ընթացքին:
 
Ըստ FARAի բացայայտումներուն՝ «Մքոլիֆի ընկերութիւնը Թուրքիոյ կառավարութենէն ստացած է 1 միլիոն 287 հազար 500 տոլար, որպէսզի Թուրքիոյ դեսպանին,  դիւանագէտներուն եւ ամերիկեան քաղաքականութիւն մշակողներուն միջեւ հանդիպումներ կազմակերպէ: Թուրքիոյ պայմանագիրը կոչ կ՛ընէր ընկերութեան՝ լոպիինկ ընել Քոնկրեսի մէջ՝ երկկողմանի առեւտուրի մասին եւ «հակազդելու թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վնասող բոլոր ջանքերուն», որոնք կը ներառեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քոնկրեսի ջանքերուն արգելափակումը, կը յայտնէ The Washington Free Beacon:
 
26 Մարտ 2009ին «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ նշուած է․ «Հաւանաբար, ամէնէն վիճայարոյցը ընկերութեան («Մքոլիֆ, Քելլի եւ Ռաֆայելի») կողմէ Թուրքիոյ ներկայացումն էր այն ժամանակ, երբ այդ կառավարութիւնը մարդկային իրաւունքներու ենթադրեալ ոտնահարումներու համար միջազգային  հետազօտութեան  առարկայ դարձած էր: Ընկերութիւնը «Խոշտանգողներու քարոզարշաւ» անունով քննադատութեան ենթարկուած է զեկոյցի մէջ, որ  հրապարակուած է 1992ին՝ «Յանուն հանրային  պարկեշտութեան» կեդրոնի կողմէ: Մքոլիֆի  քարոզարշաւը (2009ին,  նահանգապետի պաշտօնի գծով անոր ձախողած թեկնածութեան ընթացքին) յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համար ընկերութեան աշխատանքը կապուած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած բազում տարիներու վէճին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը որոշ գնահատականներով սպաննած էր աւելի քան 1 միլիոն հայ: Ամէն տարի Հայաստան (աւելի ճիշդ՝ ամերիկահայերը) կը ձգտի Քոնկրեսի մէջ օրէնքի ընդունման՝ այս ժամանակաշրջանը որակելու համար Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, իսկ թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի դէմ կ՛արտայայտուի այդ օրէնսդրութեան»:
 
«Մքոլիֆ 1996ին ներքաշուած էր  Դեմոկրատական  ազգային կոմիտէի նախընտրական քարոզարշաւի նիւթական հովանաւորութեան գայթակղութեան մէջ, երբ Դեմոկրատական կուսակցութեան  նուիրատուներուն համար գիշերելու երեկոներ կազմակերպած էր ան, Սպիտակ տան մէջ: Մինչեւ Վիրճինիոյ նահանգապետի պաշտօն վարելը, Մքոլիֆ ուղղակիօրէն լոպիիստական գործունէութիւն կը ծաւալէր Օպամայի վարչակազմի օրերուն, օգնելու  համար  ելեկտրականութեամբ բանող ինքնաշարժներու իր ընկերութեան՝ չինացի հաւանական ներդնողներու ի նպաստ  անցագիր ստանալու նպատակով։ Արդարադատութեան նախարարութիւնը նաեւ  քննեց, թէ արդեօք Մքոլիֆ չինացի միլիառատիրոջ կողմէ անօրինական նուիրատուութիւններ ստացա՞ծ է 2013ին,  նահանգապետի իր քարոզարշաւին ընթացքին», հաղորդած է Washington Free Beacon: 
«Մքոլիֆի (ներկայ) քարոզարշաւը չէ արձագանգած մեկնաբանութիւններու խնդրանքին՝ Թուրքիոյ հետ իր ընկերութեան պայմանագրին կամ Հայոց Ցեղասպանութեան 2019ի ճանաչման կապուած իր դիրքորոշման մասին», գրած է The Washington Free Beacon:
 
Շատ տարիներ անցած են Մքոլիֆի՝ յօգուտ Թուրքիոյ լոպիիստական գործունէութենէն։  2019ին, Ներկայացուցիչներու պալատը՝ ճնշող մեծամասնութեամբ, Ծերակոյտը՝ միաձայնութեամբ, իսկ 2021ին՝  նախագահ Ճօ Պայտըն, ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն, ամերիկահայերը պէտք չէ երբեք մոռնան անոնց անունները, որոնք ծախած են իրենց հոգին ամենակարող տոլարի դիմաց: Ասիկա խայտառակութիւն է, որ նման լոպիիստներ պէտք է իրենց հետ գերեզման տանին: Աւելին, Մքոլիֆ երբեք ներողութիւն չէ խնդրած իր ընկերութեան խաբեբայական գործողութիւններուն համար եւ ներում չէ հայցած։ Ասիկա աւելի քան պատճառ է, որ հայ մը երբեք չմտածէ անոր ստոր արարքը մոռնալու մասին։ Կարեւոր չէ, թէ այսպիսի ժխտողներ քաղաքական ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանին:
 
Ասիկա ժամանակակից հարց է, քանի որ նախագահ Պայտըն նախկին ծերակուտական Ճէֆ Ֆլէյքը (հանրապետական, Արիզոնա) վերջերս առաջադրեց Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին: Իբրեւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ՝ ան 2005, 2007 եւ 2010 թուականներուն միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ դէմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: 2014ին, Ֆլէյք նաեւ այն հինգ ծերակուտականներէն մէկն էր, որ դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ:
 
Ֆլէյք ներողութիւն չէ խնդրած Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի մէջ իր տուած ամօթալի քուէներուն համար՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը։ Կը մնայ պարզել, թէ ան ինչպէ՞ս կը բացատրէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր  բացասական քուէները՝ իր առաջադրումը քննարկող Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին:
 
Վերջին բանը, որ պէտք է ամերիկահայերուն՝ Անգարայի մէջ ունենալն է ԱՄՆ ժխտողական կեցուածքի տէր դեսպան, որ կ՛ամրապնդէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թրքական կառավարութեան սուտերը: Ծերակուտականները պէտք է քանի մը կոշտ հարցեր ուղղեն ծերակուտական Ֆլէյքին, եւ եթէ չբաւարարուին անոր պատասխաններով, պէտք է արգելակեն անոր թեկնածութիւնը:
 
 Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 


Նոյյան տապան   -   Քաղաքական
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփյուռքից





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media