«Դէպի նպատակ» «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան 25 ամեակին նուիրուած միջոցառում

21-10-2021 18:57:35   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն
«Դէպի նպատակ»  «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան 25 ամեակին նուիրուած միջոցառում:
 
Հոկտեմբեր 11, 2021թ. IMPERIUM PLAZA, Երեւան:
 
Միջոցառման հաղորդավար գրող բանաստեղծ իրաւաբան Մերի Պողոսեանը իր բացման խօսքը սկսաւ ողջունելով ներկաներուն, աւելցնելով՝
 
«Այսօր մենք կը նշենք 25 -ամեակը առաջին վահանակի տեղադրման, որը 1996-ին ցուցադրուեցաւ Քեմպրիճ քաղաքին մէջ եւ  կոչ կ՛ընէր  ԱՄՆ-ին ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը:  Մենք հպարտ ենք այսօր ըսելով,  որ հասեր ենք մեր նպատակին, որ ԱՄՆ -ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն էր»:
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, Հեղինէ Գէորգեանը
 
«Արուեստի խաղաղութիւն» www.peaceofart.org կազմակերպութիւնը հիմնուած է Պոսթընի մէջ 2004-ին, որ գրանցուած է Մասաչուսեթսի պետքարտուղարի մատեանին մէջ, բայց անոր գործունէութիւնը սկսեր է 1996-էն առաջին վահանակի տեղադրումով։
 
«Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւնը ձօնուած է աշխարհի խաղաղութեան պահապաններուն եւ իրագործողներուն, նաեւ անոնց, ովքեր ունեցեր են քաջութիւն իրենց կեանքը վտանգելու մարդկութեան բարօրութեան համար։
 
«Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւնը անշահոյթ կրթական կազմակերպութիւն է, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն՝ իրազեկելով մարդկային գոյավիճակի մասին, նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծմանը։ Այն կը ծառայեցնէ արուեստը յանուն խաղաղութեան եւ չունի որեւէ քաղաքական, կուսակցական կամ կրօնական ուղղուածութիւն` առանցք ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացումը արտերկրին մէջ:
 
Կազմակերպութեան հիմնադրման օրուընէ ի վեր «Արուեստի խաղաղութիւնը» չէ խնդրեր եւ չէ ստացեր որեւէ ֆինանսաւորում անհատական, պետական կամ այլ աղբիւրներէ, կազմակերպութեան բոլոր կարիքները հովանաւորուեր են Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի անձնական ֆինանսներով ջանքերով եւ միջոցներով։
 
2013 թ-էն ի վեր աշխատակցելով Վարուժան Հեճինեանի հետ եւ ներկայացնելով անոր արուեստը, ինչպէս նաեւ «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ՝ կը ցանկամ հակիրճ ներկայացնել անոր աշխատանքային գործունէութիւնը :
 
Վարուժանը կը յորդորէ ժողովուրդներուն որդեգրել հակամարտութիւններու լուծման խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ձեւ, քանի որ ‹‹խաղաղութիւն›› գաղափարը կը հանդիսանայ անոր արուեստի հիմնական ներշնչմնան աղբիւրը:
 
1996-էն սկսած, քսանհինգ տարի ի վեր Վարուժանի նախաձեռնութեամբ արտ- ապրիլ ամիսներուն ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներուն մէջ կը բարձրանան գովազդային վահանակներ` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը միջազգային հանրութեանը՝ կոչ ընելով ճանաչել եւ դատապարտել այն:
 
Ան ունեցեր է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր հեղինակաւոր պատկերասրահներուն մէջ՝ յաճախակի նպաստելով հայ եւ օտար բարեգործական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ հեղինակն է բազմաթիւ որմնանկարներու, որոնք տեսանելի են եւ յայտնի Պոսթընի տարբեր վայրերուն մէջ:
 
Վարուժանն իր արուեստին մէջ, մասնաւորապէս «Արուեստի խաղաղութիւն» հաւաքածոն կ՛արծարծէ մարդասիրական գաղափարներ, կը ներկայացնէ մարդկային գոյավիճակները, խաղաղութեան բացակայութիւնն ու անոնցմէ բխող աղետալի հետեւանքները: Ան նաեւ բարձր կը գնահատէ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ եւ իր աշխատանքներուն մէջ կ՛ընդգծէ հայ կնոջ կերպարի առանձնայատկութիւնները:
 
Անոր վրձինին կը պատկանին նաեւ եօթ հայկական եկեղեցիներու որմնանկարներու սրբապատկերները, ուր ան հաւատարիմ  մնացեր է հայկական աւանդական որմնանկարչութեան օրէնքներուն՝ պահպանելով դասական ձեւն ու կառուցուածքային պարզութիւնը:
 
2014 Մայիսի 10-ին, Լոուել քաղաքի քաղաքապետարանի մուտքի մօտ բացուեցաւ «Մօր ձեռքերը» անունը կրող աննախադէպ խաչքար-յուշարձանը՝ ստեղծուած Վարուժանի նախագիծով եւ «Մերրիմեք Վելլի» Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ: 
 
Յուշարձանը առանձնայատուկ է անով, որ առաջինն է սփիւռքին մէջ՝ տեղադրուած քաղաքին պատկանող հասարակական տարածքի վրայ՝ կառավարական շէնքի առջեւ:
 
2014-ին, սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ազգային պատկերասրահին մէջ կազմակերպուեցաւ «Արուեստի խաղաղութիւն» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէս՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին, ուր ցուցադրուեցան Վարուժանի 67 իւղաներկ եւ կրաֆիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ 2 կեդրոնական եռանկար՝ «Ցեղասպանութիւնէն մինչեւ անկախութիւն» եւ «Դարի ոճիրը» խորագիրներով:
 
2015-ին, «Արուեստի խաղաղութիւնը» կազմակերպութիւնը իրականացուց քարոզարշաւ՝ «100 վահանակ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով՝ ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներու եւ Գանատայի մէջ  բարձրացնելով ելեկտրոնային եւ անշարժ վահանակներ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչպէս նաեւ վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերու յիշատակին:
 
2018-ին, սփիւռքի նախարարութեան մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Նորվեկիայի Թագաւորութեան պատուաւոր հիւպատոսին յանձնուեցաւ ՀՀ կառավարութեան նուէրը Նորվեկիայի Թագաւորութեան կառավարութեանը՝ Դանիել Վարուժան Հեճինեանի հեղինակած Ֆրիտիոֆ Նանսէնի դիմանկարը` «Նանսէն, կամուրջը բարեկամութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով՝ նպատակ ունենալով յանձնել Նորվեկիայի Հարալտ Ե. թագաւորին: Նկարը կ՛արտայայտէ հայ եւ նորվեկիացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը: 
 
2019-ին, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին յանձնեց Վարուժան Հեճինեանի հեղինակած` «Ազնաւուր. Կամուրջ բարեկամութեան» կտաւը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին փոխանցելու նպատակով` որպէս երկու երկիրներու միջեւ մշտական բարեկամութեան խորհրդանիշ:
 
Վարուժան Հեճինեանին բարձր կը գնահատեն հայրենիքի եւ արտերկրի մէջ, ան արժանացեր է բազում մրցանակներու եւ մետալներու իր ողջ կեանքի ընթացքին ջանքեր չխնայելու՝ իր արուեստի միջոցով խաղաղութեանը նպաստելու համար, ինչպէս նաեւ իր ռոմանթիկ արտայայտչական նկարներու համար, որոնք կը գերազանցեն տեղի եւ ժամանակի սահմանները;
 
Նկատի ունենալով, որ ան շնորհալի նկարիչ է, դաստիարակ եւ ներշնչանք Մասաչուսեթսի ամերիկահայ համայնքի համար, Մասաչուսեթսի գլխաւոր դատարանը ճանաչեր է Դանիել Վարուժան Հեճինեանի բազմաթիւ ներդրումները ամերիկահայ համայնքին, ողջ կեանքի ընթացքին կատարած աշխատանքները, իր արուեստը ՝ խաղաղութեանը եւ արդարութեանը ծառայեցնելու համար:
 
Միջոցառումը զուգորդուած էր երկու տեսանիւթով՝ առաջինը կազմակերպութեան աշխատանքի եւ ձեռքբերումներու մասին էր, իսկ երկրորդը ՝ «Արուեստի խաղաղութիւն» հաւաքածոյի մասին` արուեստի օգտագործումը որպէս գործիք `մարդկային իրավիճակին իրազեկելու համար` կանխելու անօթեւանութիւնը, քաղցը, կանանց հանդէպ բռնութիւնը, ահաբեկչութիւնը, ցեղասպանութիւնը ...
 
ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի սփիւռքի ներուժի քարտէզագրման եւ ներգրաւման վարչութեան պետ Կարէն Ավանեսեանը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի եւ անձամբ յանձանակատար Զարեհ Սինանեանի անունով  ջերմօրէն շնորհաւորեց «Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան 25-ամեայ գործունէութիւնը։
 
«Շուրջ քառորդ դար  անցեր է այն ժամանակէն, երբ Դանիել Վարուժան Հեճինեանը նախաձեռնեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկող առաջին խոշոր վահանակի ցուցադրումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ կոչ ընելով անոր միջազգային ճանաչմանը։
 
Այդ օրուընէ սկսած, իւրաքանչիւր տարի, պարոն Հեճինեանը իր համախոհներու հետ միասին նախաձեռնեց ԱՄՆ-ի հանրային վայրերուն մէջ վահանակներու ցուցադրումները, որոնք լուռ, բայց, միաժանանակ, շատ խօսուն կերպով հանրութեան կ՛իրազեկէին Հայոց ցեղասպանութեան իրողութան մասին:
 
Մեզմէ շատերը վստահ եմ, որ տեսեր են ատոնք նաեւ տարբեր լրատուական հարթակներու ու ընկերային ցանցերու մէջ։  
 
Ի վերջոյ, տարիներ տեւած աշխոյժ աշխատանքներու շնորհիւ՝ 2004 թուականին պարոն Հեճինեանն արդէն պաշտօնապէս գրանցեց «Արուեստի խաղաղութիւն» շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւնը, որ շարունակեց ալ աւելի մեծ թափով աշխատանքներ տանիլ, մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ՝ որդեգրելով քաղաքակիրթ պայքարի նոր ձեւ մը, արուեստի լեզուով յորդորել հանրութեանը լինել կարեկից ու հանդուրժող եւ ընտրել նպատակին հասնելու արդար ճանապարհներ: 
 
Կազմակերպութեան գործունեութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը դարձաւ ցեղասպանութիւններու կանխմանը աջակցիլը: Վերջին 25 տարիներու ընթացքին ԱՄՆ-ի կառոյցի կողմէ տեղադրուեր են Հայոց ցեղասպանութեան մասին 100-է աւելի տեղեկատուական վահանակներ: 
 
Կազմակերպութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպեր է մօտ 3 տասնեակ ցուցահանդէսներ, բազմաթիւ դասախօսութիւններ, իրականացուցեր այլ ծրագիրներ՝ այդ ընթացքին արժանանալով բազմաթիւ բարձր պարգեւներու շարք մը հեղինակաւոր կառոյցներու, այդ թուով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու կողմէն: 
 
Կը մաղթենք Ձեզ նորանոր յաջողութիւններ բոլոր գալիք նախաձեռնութիւններու մէջ եւ կը ցանկամ, որպէսզի նոյն ոգով, նոյն եռանդով եւ նոյն ջանասիրութեամբ շարունակենք տակաւին  25 տարի առաջ սկսած Ձեր նուիրական ու հայանպաստ գործը»։
 
Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, բնութեան եւ հասարակութեան միջազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռուզան Ասատրեանի  խօսքը;
 
Յարգարժան  Վարուժան, 
 
   Կ՛ողջունեմ  այսօրուայ  Ձեր  նշանակալից  միջոցառումը, այո  շատ  կարեւոր, որովհետեւ  խաղաղութիւնը մոլորակի մարդկութեան  թթուածինն է: Դուք  ընտրեր էք արուեստի  խաղաղութիւնը, որովհետեւ  արուեստը  դէպի  Փառնաս  տանող  աստուածային  ուժ  է: Ձեր մտքի  եւ  վրձինի տաղանդաւոր  ճառագումը իր մէջ  կը ներառէ ինչպէս  համամարդկային,  այնպէս  ալ անձնական զարկերակի ազնիւ ելեւէջները, որոնք  բարձր  գնահատուեր են արուեստասէր  հասարակութեան կողմէ  եւ դուք մարդասիրաբար  ձեր  հասանելիք բաժինէն  մաս մը առանձնացուցերէք կարիքաւորներու համար, անոնց  մէջ յոյս  ու  հաւատք  արթնցնելով մարդու  եւ  ապագայի  նկատմամբ: Լինելով   Հայոց մեծ Եղեռնէն  փրկուած  ծնողներու  զաւակ, իր  աշխատասիրութեամբ  ու  տաղանդով  Վարուժանը  վերընձիւղուեր  է, ինչպէս իր  ազգը եւ  խաղաղութիւնը որպէս  կենսական  բալասան  դարձուցեր է ոչ միայն իր  նկարներուն մէջ, այլեւ՝ 25 տարի  շարունակ իր  հասարակական  բարեգործական  պատուաւոր գործունէութեան  ճանապարհին:   ԱՄՆ-ի Նախագահ  Պայտընի  կողմէ   հայերուս  ցեղասպանութիւնը ճանաչելու կապակցութեամբ  անուրանալի  է Վարուժանի  կատարած  աշխատանքը՝ Եղեռնի  մասին յատուկ մանրամասներ ցուցադրելով  100 պաստառներու  վրայ եւ այն  տարածելով ԱՄՆ-ի  տարբեր  քաղաքներուն մէջ: Այդ  օրերուն  մեծ  արձագանգ  ունեցաւ նաեւ իր Հայ  ժողովուրդի  արժանաւոր  բարեկամ,  իր  անունով  գաղթական հայերուն  անձնագիր ձեւաւորած, մեծ բարեգործ  Նանսէնի  կտաւը, ուր  Վարուժանը   իր  վրձինի  ոսկի  հարուածներով ներկայացուցեր էր արուեստի խաղաղութեան յոյժ  կարեւորութիւնը:  Մի  բան  է, երբ անհատականութիւնը տաղանդաւոր է, մէկ  այլ  բան, երբ ան խաղաղութեան  զինուոր է՝ իր  նախնիներու բագինի  առաջ: Ուրախ  եմ, որ  հայրենիքի մէջ կը նշենք  կազմակերպութեան  25-ամեակը, կը շնորհաւոր եմ, բարեմաղթելով՝ նոր և կարեւոր  նախաձեռնութիւններ...
 
Բանաստեղծ, ճարտարգետ Թադէոս Եսայեանի Սիրտի Խօսքը 
 
Այս գեղեցիկ պատկերը, որ տեսաք ու սիրեցիք՝ արդարեւ խորհրդանիշն է խաղաղութեան ռահվիրայ գեղանկարիչ Պրն. Վարուժան Հեճինեանի: Այստեղ Հայ Ազգի պատմութիւնը կայ, որ գոյներով ներկայացուած է: Տեսէ՛ք ինչպէս Պրն. Հեճինեանի վրձինը կ՛երթայ սեւ գոյնէն դէպի կապոյտ գոյն: Սեւը որպէս տառապանքը Հայ ազգին, իսկ կապոյտը որպէս ազգին վերածնունդը: Եւ հպարտ է հոս Հայուհին՝ կապոյտին մէջ ծածանող իր հայրենի դրօշով ու ձեռքերը վեր բարձրացուցած կարծես տուն կը կանչէ հեռուի սփիւռքի հայանման պանդուխտի պէս թռչուններուն:
 
Հեճինեան գոյներու տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրի: Ան կը սիրէ Մեծ Գեղանկարիչ Աստուծոյ բոլոր գոյները: Կը սիրէ ծիածանի եօթ գոյները, ան առաւել կը սիրէ գոյներ, որոնք բացակայ են ծիածանի մէջ: Ինչպէս սեւը, այդ խորհրդաւոր Սեւը, որ Հեճինեան կ՛անմահացնէ զայն սեւ մատիտով գծուած իր պատկերներուն մէջ: 
 
Հեճինեան իր հոգիի հեռատես աչքով կը տեսնէ ամէն բան: Ան կը հաւատայ, որ լաւատեսութիւնը բանալին է խաղաղութեան եւ թէ՛ ամէն տագնապալից երեւոյթէ վերջ՝ խաղաղութիւնը անպայման կը տիրապետէ ինչպէս ծովի ալիքները, որոնք կը հանդարտին, կը խաղաղին ծովափի ժայռին վրայ փշրուելէ վերջ:
 
Հեճինեան զգայուն սիրտ եւ խորաթափանց հայեացք ունի:  Սակաւախօս է, բայց իր լռութեամբ շատ բան կը հասկցնէ: Անցեալ շաբաթ միասին պարտէզի մը մէջ կը քալէինք, դափնեվարդի ծառ մը տեսանք, վրան՝ գագաթին վրայ միայն մէկ կարմիր վարդ: Ակամայ երկուքս կեցանք ու դիտեցինք:  Վարուժ, – ըսի, – ի՞նչ կը մտածես: Շունչ մը քաշեց: Ինչե՜ր-ինչե՜ր, – ըսաւ:  Լռեց ու շարունակեց դիտել: Ինծի համար հանելուկ էր թէ ինչն էր, որ զինք յուզեց: Արդեօ՞ք մենակութիւնն էր վարդին, որ տակաւին անցորդի մը գորովալից նայուածքին կը սպասէր, արդեօ՞ք բարձունքն էր ծառին, որ տեսակ մը թելադրանքն էր մեզի համեստօրէն բարձունքներ հասնելու, արդեօ՞ք կարմրութիւնն էր վարդին, որ կարծես ցաւէն կարմրած էր, որովհետեւ փետտած տարած էին իր քովի միւս վարդերը: Ես կը կարծեմ, որ բոլոր այս մտորումները միասնաբար ներխուժած էին Վարուժանի ներաշխարհին մէջ ու արդէն կը գծագրուէին անոր հոգիի պաստառին վրայ:
 
Այո՛,  տարբեր է Հեճինեանի ներաշխարհը: Մեծ արուեստագէտի ներաշխարհ է , որ ամբողջովին սէր է, խաղաղատենչ, սիրառատ եւ գութառատ եւ այս ամբողջը կ՛արտացոլուի իր հիասքանչ ստեղծագործութիւններու մէջ եւ որ քիչ վերջ պիտի հրամցուին պաստառին վրայ, որ դիտենք, վայելենք ու մեծարենք զինք:
 
Այո՛, մեծարենք: Եւ ծափողջոյններով պիտի մեծարենք: Եթէ ֆրանսացին հպարտ է իր Մաթիսով, եթէ Հոլանտան հպարտ է իր Վան կոխ-ով, եթէ Հայաստանը հպարտէ իր Մարտիրոս Սարեանով, Ռոսլինով ու Քոչարով, մենք ալ՝ մենք արեւմտահայերս հպարտ ենք Վարուժան Հեճինեանով: Թող դալար մնայ իր ստեղծագործ վրձինը:
 
«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն, բան. գիտ. դոկտոր, պրոֆեսոր Սուրեն Դանիելեանն իր խօսքին մէջ նշեց.- Զուգահեռութիւնը մարտական ​​պայքարի կոչ անող Դանիել Վարուժան բանաստեղծի  եւ մեկ դար անց Դանիել Վարուժան Հեճինեանի միջեւ, ով խաղաղությամբ շարունակեց պայքարը յանուն մարդկութեան բարօրութեան եւ արդարութեան` դատապարտելով ցեղասպանութիւնը, ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու նպատակով։
 
Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Վարուժան Հեճինեանի եզրափակիչ խօսքը։
 
  Իմ եւ «Արուեստի Խաղաղութիւն» կազմակերպութեան անունէն:  Կը ցանկանամ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ բոլորիդ , մասնակցելու համար ՝ մեր կազմակերպութեան 25 ամեակին նիրուած միջոցառումին:
 
Մէն մի հայու համար Ապրիլ ամիսը սուգի եւ տխուր յուշերու ամիս է: Ամէն հայ, որ կ'ապրի արտասահման, իր հոգիին ու էութեան մէջ կը զգայ տառապանքը եւ անարդարութիւնը, որուն ենթարկուած է անձնապէս: Ու անոնց գումարումով, ազգովին, եղեռնի փոթորիկը  մէկուկէս  միլիոնի ջարդին զուգահեռ, մէկ միլիոն հայ ցիրուցան ըրաւ աշխարհի չորս դին, որոնցմէ  իւրաքանչիւրը ունի արդէն իր հարազատ զոհերը: 
 
 Անոնցմէ մէկն ես եմ, հօրս կողմէն, հօրեղբայրս կախաղան հանուած, հօրաքոյրս թոքախտի զոհ՝ գաղթի ճամբուն, մօրս կողմէն ամբողջ ընտանիքը դէպի Տէր Զօր անվերադարձ կորսուած ու ես գաղթականի զաւակ. Երբ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը ունեցած են տուն, այգի, արօտ, իսկ մենք մնացած ենք կարօտ չոր հացի, թիթեղէ հիւղերու տակ, սրսփալով անձրեւի ջուրէն ու դողդղալով ճեղքերէն սուլող քամիներէն: Աս բոլորը ապրուած իրականութիւն են, պարզ ու յստակ։
 
 Ես զաւակն եմ այդ խոշտանկահար սերունդին  եւ իմ բջիջներս կազմուած են տառապանքով ու ցաւով. Այդ ցաւը պիտի կոտտայ մինչեւ այդ ժամանակ երբ արդարութեան  նժարը սկսի աւելի ծանր կշռել ու բազմանան բարի մարդիկ , որ ականջ տան մեր բողոքներուն: Ամէն հայ իր արդար բողոքն ունի, եւ զայն արտայայտելու  այլեւայլ ձեւեր: 
 
 Իմ կարելիութիւնս  ալ  շատ  համեստ կերպով այս պաստառներն էին, որոնց միջոցով կը յուսամ  արդարութեան ի նպաստ քայլ մը արած ըլլալ:
 
Պետք է դատապարտել ոճիրը, նոր ոճիրներու առաջքն առնելու համար: Կ'ուզեմ փոքր նշմար մը եւս աւելացնել որ ես հայ արուեստագէտ՝ ոչ միայն տաղանդով, այլեւ  հոգիով, այլ խօսքով աշխարհաքաղաքացի մը, որովհետեւ արուեստը իր ստեղծողին հետ չի կրնար վանդակուիլ սեփական նեղ սահմաններու մէջ, այլ խաղաղութեան աղաւնիի մը նման ան կը թեւածէ  բոլոր ժողովուրդներու հոգիներուն վրայ, սիրոյ եւ եղբայրութեան ձիթէնիի պատգամով: 
 
 Ինչ լաւ պիտի ըլլար եթէ աշխարհի քաղաքական ղեկավարները արուեստագէտներ ըլլային, յայնժամ պիտի ունենայինք  շատ աւելի մարդկային դիմագիծով ժողովուրդներու ծաղկեփունջ մը: 
 
 Ես հաստատ յոյս ունիմ, որ գալիք օրերէն  օր մը թուրք ժողովուրդը վերահասու ըլլալով անցեալին պատահած «Մեծ ոճիրին» պիտի դատապարտէ զայն  բոլոր արդարամիտ մարդոց հետ  ու բարեկամական ձեռք մեկնելով հայ ժողովուրդին, պիտի խոստովանի «անխոստովանելի ոճիրը»:
 
Միջոցառումը եզրափակեց ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտուհի, երաժշտանոցի փրոֆ. Արմենուհի Սեյրանեանը եւ սիմֆոնիք նվագախումբի ջութակահար Սօնա Սոխիկեանը:
 
 
 

Նոյյան տապան   -   Մամլո հաղորդագրություն
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփյուռքից





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media