Փաշինեան Պէտք Չէ Հետեւի Սարգսեանի Սխալ Քաղաքականութեան, Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Գծով

15-09-2021 14:57:53   | Հայաստան  |  Քաղաքական
 
Դարձեալ նոյն բանը կ՛ընենք։  Տակաւին 2009ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան  անխոհեմօրէն ստորագրեց համաձայնագիր Թուրքիոյ հետ՝ իբր թէ ընդհանուր սահմանը բանալու համար։ Թէեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կտրականապէս դէմ արտայայտուեցաւ այս ծրագրին, սակայն նախագահ Սարգսեան կը շարունակէր պնդել, որ ինք ճիշդ էր, իսկ մնացած բոլորը կը սխալէին:
 
Սարգսեան չէր տեսներ, որ Թուրքիա մտադրութիւն չունէր բանալու սահմանը: Անգարա սահմանի հարցը կ՛օգտագործէր  իբրեւ հնարք` Հայաստանէն առաւելագոյն զիջումներ քաղելու համար, օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարիլը, Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ընդունումը, ինչ որ կը նշանակէ, որ հայերը պէտք է հրաժարին Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ իրենց պահանջներէն, առաւել՝ Արցախի վերադարձը Ատրպէյճանի։ Ասոնք էին թրքական նախապայմանները: Աւելի՛ն. եթէ նոյնիսկ Հայաստան ընդունէր այս անթոյլատրելի պայմանները, ապա Թուրքիա նորանոր պահանջներ պիտի դնէր:
 
Նախագահ Սարգսեան չէր հասկնար, որ եթէ Թուրքիա իսկապէս ուզէր բանալ սահմանը, ապա այդ կրնար ընել առանց արձանագրութիւններու ստորագրման եւ առանց որեւէ պահանջ ներկայացնելու Հայաստանի: Ի վերջոյ, Թուրքիան էր, որ միակողմանիօրէն փակած էր սահմանը, այլ ոչ թէ Հայաստանը. այնպէս որ, սահմանը կրնար բանալ, երբ որ ուզէր: 2009ին, երբ նախագահ Սարգսեան այցելեց Սփիւռքի քանի մը համայնքներ, ենթադրաբար՝ սահմաններու հարցին վերաբերեալ անոնց տեսակէտները պարզելու համար, ան բախեցաւ զանգուածային բողոքներու եւ առճակատումներու՝ Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մէջ:
 
Ի վերջոյ, Ատրպէյճան յաջողեցաւ խափանել հայ-թրքական արձանագրութիւնները` ճնշում գործադրելով Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի չվաւերացնէ զանոնք՝ Արցախը վերադարձնելու նպատակով Հայաստանի վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրելու համար: Որքան ալ ծիծաղելի թուի, Ատրպէյճան, այլ ոչ թէ Սերժ Սարգսեան, ի վերջոյ պաշտպանեց Հայաստանի շահերը:
 
Ներկայիս, 2021ին, մենք կը տեսնենք 2009ի բեմադրութեան կրկնութիւնը, միայն թէ այս անգամ իրավիճակը շատ աւելի ծանր է, քանի որ Հայաստան կը ղեկավարուի պարտուած ղեկավարի մը կողմէ, որ այլընտրանք չունի, քան ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջարկած՝ զիջումներու ուռճացող պահանջները: Բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա չեն կրնար յաւերժ թշնամիներ մնալ եւ վատ բան չեն տեսներ «մեր հակառակորդներու» հետ խօսելու մէջ, կը մոռնան առանցքային կէտ մը. ո՞վ է բանակցողը։ Մէկ կողմէ, մենք ունինք քաղաքական խորամանկ գործիչ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանի անփորձ ու պարտուած ղեկավարը: Ասիկա նման է՝ թէ ոչխարէն խնդրէք բանակցիլ գայլին հետ: Արդիւնքը ակնյայտ է:
 
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս ըսաւ, որ «Թուրքիա պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ակնկալելով, որ դրացի երկիրը կը հրաժարի միակողմանի մեղադրանքներէ եւ իրատեսական հայեացքներ կ՛որդեգրէ»: Զարմանալի է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էրտողանի յայտարարութիւնը համարեց «դրական ազդակ» եւ խոստացաւ նոյն կերպ արձագանգել․․․:  Թուրքիոյ 2009ի նախապայմանները տակաւին սեղանի վրայ են, բացառութեամբ այն, որ Ատրպէյճան ուժով վերադարձուցած է Արցախի մեծ մասը: Այսուամենայնիւ, Թուրքիա կը շարունակէ պահանջել, որ Հայաստան հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ձգտումներէն եւ ընդունի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Անցեալ տարուան պատերազմէն  ի վեր Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նոր պայման դրած են. Հայաստան պէտք է «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրէ Ատրպէյճանի հետ, բան մը, որ կը նշանակէ ընդունիլ վերջինիս տարածքային ամբողջականութիւնը, այդպիսով ալ ընդմիշտ հրաժարելով Արցախէն: Աւելի՛ն. եթէ նոյնիսկ Փաշինեան համաձայնի ընդունիլ նման անթոյլատրելի պահանջներ, ապա Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, անշուշտ, աւելի մտահոգիչ նոր պայմաններ պիտի դնեն:
 
Ասիկա կարմիր գիծ է, որ ոչ մէկ հայ ղեկավար իրաւունք ունի հատելու․․․:  Ինչպէ՞ս կարելի է բանակցիլ երկրի մը հետ, որ 1915ին գրեթէ ոչնչացուց հայոց ցեղը, իսկ շատ վերջերս՝ անցեալ տարի, սպաննեց հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներ:
 
Հիմնականին մէջ՝ կատարելով թրքական առաջին նախապայմանը՝ Արցախի վերադարձը, Ատրպէյճան ներկայիս կ՛ուզէ աւարտին հասցնել գործը՝ բռնագրաւելով մնացածը, այս անգամ ոչ թէ պատերազմով, այլ ստիպելով Հայաստանի, որ կամօրէն հրաժարի այդ մնացածէն՝ ստորագրելով խաբուսիկ «խաղաղութեան պայմանագիր» մը։ Ատրպէյճան կը շարունակէ դանակը խրել Հայաստանի արիւնածոր սիրտը՝ ոտնձգութիւն իրականացնելով երկրի սահմաններուն վրայ եւ ապօրինի պահելով ու տանջելով հայ ռազմագերիներ, նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ Փաշինեան անտեղիօրէն Ատրպէյճանի յանձնեց վերջինիս կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու մէջ գտնուող թիւով երկու հարիւր հազար ականներու քարտէսները։ 9 Նոյեմբեր 2020ի համաձայնագրին մէջ այսպիսի պահանջ չկար: Սակայն, այդ իր մէջ կը ներառէր հայ ռազմագերիները վերադարձնելու պահանջը: Փաշինեան պէտք է պնդէ, որ ոչ մէկ բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ մինչեւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ ատրպէյճանական զօրքերու դուրս բերումը Հայաստանի սահմաններէն: Նման պայմաններու մէջ, Հայաստան պէտք է հակադրուի Թուրքիոյ նախապայմաններուն՝ ի՛ր նախապայմաններով:
 
Տակաւին կան այնպիսի մարդիկ, որոնց կարծիքով հայ-թրքական սահմանի բացումը պիտի խթանէ առեւտուրը եւ դրամական շահ պիտի բերէ Հայաստանի: Ընդհակառակն, թրքական աժան ապրանքները պիտի հեղեղեն հայկական շուկան՝ սնանկացնելով տեղական արտադրողները: Հայ գործարարները չեն կրնար մրցիլ թուրք արտադրողներու հետ, որոնք շահ կ՛ապահովեն մեծաքանակ տնտեսութենէն` 85 միլիոննոց բնակչութեան շուկայի հիման վրայ:
 
Եկէ՛ք Հայաստանը աժան չծախենք՝ վարուելով այնպէս, որ իբր թէ Թուրքիա մեծ լաւութիւն կ՛ընէ մեզի՝ առաջարկելով բանալ սահմանը: Իրականութեան մէջ, բանալով սահմանը՝ Թուրքիա շատ աւելին կը շահի, քան Հայաստանը: Հայաստանէն միայն 48 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թուրքիոյ Կարս քաղաքին մէջ տնտեսութիւնը  «ծանր հարուած» ստացաւ սահմանի փակումէն ետք՝ ըստ EurasiaNet.orgի: Իբրեւ հետեւանք՝ Կարսի նահանգի բնակչութիւնը «662 հազարէն (1990) նուազեցաւ 285 հազարի (2020)»:
 
Ծիծաղելին այն է, որ Փաշինեան, որ իշխանութեան եկաւ ընդդիմանալով իր նախորդներուն բոլոր գործողութիւններուն, այսօր կուրօրէն կը կրկնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին նախկին նախագահի տապալած քաղաքականութիւնը: Ան նոյնիսկ կ՛օգտագործէ Սարգսեանի խօսքերը. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել, առանց որեւէ նախապայմանի»: Կը թուի, թէ Հայաստանի ղեկավարները ոչ միայն դասեր չեն քաղեր անցեալի սխալներէն, այլեւ կուրօրէն կը կրկնեն զանոնք: Թերեւս չափով մը հասկնալի ըլլար, եթէ Փաշինեան, իբրեւ պարտուած ղեկավարը ազգի, խոստովանէր, որ այլ ելք չունի, քան ընդունիլ ատրպէյճանաթրքական կողմի պարտադրած պայմանները: Սակայն, ան այսպէս չ՛ըսեր։ Այլ՝ Փաշինեան բազմիցս յայտարարած է, որ պարտադրուած այս պայմանները, ինչպէս՝ Նախիջեւանը Արեւելեան Ատրպէյճանին կապող ճամբան եւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը,  լաւագոյնս  կը  բխին  Հայաստանի  շահերէն․․․: Այս ձեռնարկները ամբողջութեամբ կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն: Իրականութեան մէջ, նշուածները փանթուրքիստներու դարաւոր երազներն են՝ Հայաստանի միջոցով Թուրքիան կապել Հեռաւոր Արեւելքի թրքական հանրապետութիւններուն:
 
Վիճակը աւելի բարդացնելով, Փաշինեան վերջին օրերուն ողջունեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Հայաստան պէտք է ջանքեր գործադրէ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու համար: Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ նման գործողութիւններ ձեռնտու են Ռուսիոյ՝ Թուրքիան ՆԱԹՕէն ու Արեւմուտքէն աւելի եւս հեռացնելու համար: Ցաւալի է, որ մինչ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ջանասիրաբար կը վարեն իրենց ազգային շահերէն բխող քաղաքականութիւն, Հայաստանի ղեկավարը պատկերացում իսկ չունի իր երկրի ազգային շահերուն մասին:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 


  -   Քաղաքական
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփիւռքից - Նոյեան Տապան





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media