Թուրք-Ամերիկեան Խումբերը 2007էն Ի Վեր 2․2 Միլիոն Տոլար Նուիրած Են Քաղաքական Գործիչներու

22-09-2021 11:00:17   | Հայաստան  |  Քաղաքական
 
Պատահմամբ յայտնաբերեցի թուրք-ամերիկեան  tenthousandturks.org  կայքը, որ նկարագրուած է իբրեւ՝ «Տասը հազար թուրքերու արշաւ»։
 
Կայքը կը ներառէ հինգ թուրք-ամերիկեան քաղաքական գործողութիւններու անջատ յանձնախումբերու (PACեր) միասնական տեղեկութիւնը․ 
 
1) ԱՄՆ քաղաքական գործողութիւններու թրքական  համախմբման  յանձնախումբ (TC-USA PAC): 
 
2) Քալիֆորնիոյ քաղաքական գործողութիւններու թրքական  համախմբման  յանձնախումբ (TC-CAL PAC): 
 
3) Թուրք ամերիկացի իրաւաբաններու քաղաքական գործողութիւններու ազգային  համախմբման  յանձնախումբ (NC-TAL PAC): 
 
4) Թուրք ամերիկացի կանանց քաղաքական գործողութիւններու համախմբման յանձնախումբ (NC-TAW PAC):
 
5) Թուրք-ամերիկեան քաղաքական գործողութիւններու յանձնախումբ (TURKISH PAC-TX)։
 
Կայքին մէջ նշուած է, որ «Տասը հազար թուրքերու արշաւ»ը մեկնարկած է 29 Ապրիլ 2010էն սկսեալ։ Նպատակն է՝ «հասնիլ աւելի քան տասը հազար թուրք ամերիկացիներու եւ Թուրքիոյ բարեկամներու, որոնք կ՛ուզեն նեցուկ կանգնիլ եւ աջակցիլ այն թեկնածուներուն, որոնք գիտեն ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ միջեւ դրական յարաբերութիւններու արժէքը»: Այս PACերու դաշինքը որդեգրած է «ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ դրական յարաբերութիւններ»ու խթանման անհնարին առաջադրանքը: Թուրքիոյ ղեկավար Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մեծ աշխատանք կատարած է՝  ոտնահարելու  թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները՝ ուրիշ շատ մը երկիրներու հետ: Ես կ՛առաջարկեմ, որ թուրք ամերիկացիները դժուարութեամբ շահած իրենց գումարները վատնելու փոխարէն ազատին Էրտողանէն, ինչ որ միանգամայն կը բարելաւէ ամերիկա-թրքական յարաբերութիւնները:
 
Խումբի կայքին մէջ կը ներկայացուի, որ թրքական հինգ PACերը միասին առած՝ 2007էն մինչեւ 2020 հաւաքուած է 2 միլիոն 152 հազար 849 տոլար, ԱՄՆի քաղաքական թեկնածուներու համար։ Հետաքրքրական է, որ անոնց ստացած ներդրումներուն չափը 2015-2016  թուականներուն եղած 510 հազար 765 տոլար եւ որ կտրուկ նուազելով՝ 2019-2020 թուականներուն իջած է 202 հազար 640  տոլարի։ Ասիկա կրնայ ցոյց տալ, որ թուրք ամերիկացիները այդքան ալ յոյս չունին, որ ամերիկա-թրքական յարաբերութիւնները կը բարելաւուին՝ քաղաքական արշաւներու համար գումար նուիրելով: Կայքը չի բացատրեր, թէ ինչպէ՞ս խումբը յաջողած է գումարներ հայթայթել 2007էն 2009՝ նախքան 2010 թուականին իր կազմուիլը:
 
Թրքական կայքը կը տրամադրէ նաեւ 2019-2020 թուականներու ընտրական փուլի հինգ PACերէն իւրաքանչիւրին կողմէ հաւաքուած գումարին չափը. TC-USA PAC (57 հազար 500 տոլար)․  TC-TAW PAC (37 հազար 750 տոլար)․ TC-CAL PAC (44 հազար 490 տոլար)․ TC-MIDWEST PAC (35 հազար 800 տոլար) եւ Թրքական PAC-TX ( 27 հազար տոլար): Որոշ խումբեր տարիներու ընթացքին փոխած են իրենց անունները:
 
Ահա՛ լրացուցիչ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր խումբի մասին.
 
1) TC-USA PAC. Այս խումբին դրամահաւաքը 2009-2010 եղած է  231 հազար 950 տոլար, մինչ 2019-2020 տարիներուն նուազած է մինչեւ 59 հազար 500 տոլարի։ Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն: Գ․ Լինքըն ՄքՔըրտի գանձապահն է, իսկ Լուէտ Ռակուզա՝ փաստաթուղթերու պահապանը:
 
2) TC-CAL PAC. Այս խումբին դրամահաւաքը 2015-2016 թուականին եղած է 64 հազար 400 տոլար եւ  նուազած 44 հազար 490 տոլարի՝  2019-2020  տարիներուն։ Կը գտնուի Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքը: Մարիա Չաքիրական գանձապահն է, իսկ Ելտա Պարթլեթ` Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչը:
 
3) NC-TAL PAC. Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ  իր սեփական կայքին վրայ: Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն։ PACի պաշտօնատարները եւ յանձնախումբի գործադիր անդամներն են Տորին Էտըլմէն՝ նախագահ, Ռապըրթ Լեւենթ Հերկիւներ՝ գանձապահ, Այլին Աճիքալին, Զելիհա Արսլան, Ելտա Պարթլեթ եւ Լորենս  Ճենք Լոուզ:
 
4) NC-TAW PAC. Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ անոր կայքին մէջ: Գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Ուաշինկթըն․ Թուպա Ֆիրինճիօղլու գանձապահն է, իսկ Լուեթ Ռակուզա`փաստաթուղթերու պահապանը: Լուեթ նոյն պաշտօնը կը կատարէ TC-USA PACի մէջ: Կայքը կը պնդէ, որ քաղաքային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ կան ընտրուած 11 թուրք պաշտօնեաներ եւ ոչ ոք՝ պետական  կամ դաշնակցային մակարդակներու մէջ:
 
5) Թրքական PAC-TX. Դրամահաւաքի մասին տեղեկութիւն չկայ անոր կայքէջին մէջ եւ ոչ մէկ ղեկավարի անուն կը նշուի: Խումբին գրասենեակը կը գտնուի Հիւսթընի մէջ, Թեքսաս:
 
Հետեւեալ լրացուցիչ տեղեկութիւնը կարելի է գտնել tenthousandturks.org կայքին մէջ․ «2019-2020ի ընտրական փուլին PACերը նուիրած են՝ Գոնկրեսի դեմոկրատական քարոզարշաւի յանձնախումբին (DCCC), Գոնկրեսի ազգային հանրապետական յանձնախումբին (NRCC), Գոնկրեսի սեւամորթ խմբաւորման PACին (CBC PAC) եւ Bold PACին (Գոնկրեսի սպանախօս PACին)։
 
«PACերը նաեւ նուիրած են երեք ամերիկացի ծերակուտականներու, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի 61 թեկնածուներու եւ նահանգային կամ տեղական մրցապայքարներու 10 թեկնածուներու։ Յաղթանակներուն տոկոսը կազմած է՝ Ծերակոյտի համար 100, Ներկայացուցիչներու պալատի համար 98 եւ  նահանգային  ու տեղական պաշտօններու համար 50 առ հարիւր։ Առաւել, PACերը կարեւոր դեր խաղացած են 2020ին, հանրային  պաշտօններու համար պայքարող 11 թուրք ամերիկացիներու, ցարդ ամէնէն մեծ թիւով եւ թուրք ամերիկացի երեք ամուսիններու, ընդհանուր թիւով՝ 14 թեկնածուներու համար:
 
«2019-2020 ընտրական փուլին PACերու նշանաւոր յաջողութիւնները հետեւեալներն էին.
 
«(1) Թուրքիոյ խմբաւորման նախկին համանախագահ, գոնկրեսական Փիթ Սեշընզի վերադարձը՝ Թեքսասի 17րդ գոնկրեսական շրջանի մէջ յաղթանակը՝ 2018ին կրած պարտութենէն ետք, երբ կը ներկայացնէր 32րդ շրջանը.
 
«(2) Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ թուրք ամերիկացիներու յայտնի ընկեր Ֆարրահ Խանի ընտրութիւնը իբրեւ Ըրվայնի քաղաքապետ, Քալիֆորնիա.
«(3) Թուրք ամերիկացի Այշա Սաուայի ընտրութիւնը՝  իբրեւ Ուիսքանսըն նահանգի Միլուաքի քաղաքի հաշուեքննիչ․
 
(4) Թուրք  ամերիկացի Թայֆուն Սելենի վերընտրութիւնը իբրեւ  գաւառային  յանձնակատար՝ Նիւ Ճըրզիի Մորիս գաւառի ընտրուած խորհուրդին․
 
(5) Պեն Պարթլեթի՝ թուրք ամերիկուհի Ելտա Պարթլեթի ամուսնոյն վերընտրուիլը իբրեւ քաղաքային խորհուրդի անդամ, Պըրքլիի մէջ, Քալիֆորնիա: Եւ՝
(6) Թուրք ամերիկացի Սարփ Էրսոյլուի կնոջ՝ Լիա Էրսոյլուի ընտրութիւնը Քալիֆորնիոյ Օրէնճ Գաւառի Նիւփորթ Մեսա միացեալ դպրոցական շրջանի հոգաբարձու»:
 
Բնականաբար, թուրք ամերիկացիները իրաւունք ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ նիւթապէս սատարելու քաղաքական արշաւներու, ինչպէս կ՛ընէ ոեւէ ամերիկացի: Միակ խնդիրը այն է, որ անոնք իրենց քաղաքական դաշտը կ՛օգտագործեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կեղծիքներ տարածելու համար: Անոնց դրամահաւաքի քաղաքական կայքը լեցուն է ապատեղեկատուութեամբ՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած Ցեղասպանութեան մասին։ Այս իրականութեան դիմաց, ամերիկահայերը պէտք է հակազդեն իրենց սեփական՝ «Մէկ միլիոն հայերու արշաւ»ի ստեղծումով:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 


  -   Քաղաքական
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփիւռքից - Նոյեան Տապան





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media