ԱՄՆ-ի Քաղաքապետները Չեղեալ Կը Յայտարարեն Ատրպէյճանի Յորդորով Հրապարակած Ստայօդ Հռչակագիրները

20-10-2021 13:01:57   | Հայաստան  |  Քաղաքական
 
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի գիտեր, որ միշտ կարելի չէ ուզածդ ստանալ՝ կաշառելով քաղաքական գործիչներ եւ վճարելով անոնց: Սահման մը կայ, որմէ անդին չես կրնար դրամով բան մը գնել։ Երբեմն ճշմարտութիւնը աւելի մեծ արժէք է:
 
Ըստ երեւոյթին, Ատրպէյճանի ղեկավարները այս կարեւոր դասը չեն սորված: Անոնք տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած են՝ վճարելով լոպիիստական ընկերութիւններուն եւ քաղաքական կաշառուած գործիչներուն։
 
Նման անօգուտ գործունէութեան օրինակ է ատրպէյճանական մոլուցքը՝ փորձելու շահարկել 1992ի Արցախեան պատերազմի ժամանակ Խոջալուի մէջ քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներու սպանութեան վիճայարոյց միջադէպը: Այս մասին կան տարբեր վարկածներ, թէ իսկապէս ինչ տեղի ունեցած է Խոջալուի մէջ: Այսուամենայնիւ, Ատրպէյճան մեծ ջանքեր գործադրած է՝ աշխարհին յերիւրանքով համոզելու համար, որ հայերը «ցեղասպանութիւն» իրականացուցած են Խոջալուի մէջ․․․  
 
Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ատրպէյճանական սովորական մօտեցումը այն է՝  կաշառել քաղաքական գործիչները՝ Խոջալուի սպանութիւններու տարելիցին նուիրուած հռչակագիրներ հրապարակելու համար: Ատրպէյճանի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպով 1992ին  չեխ լրագրող Տանա Մազալովայի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ իր ատրպէյճանցի քաղաքական հակառակորդները այս միջադէպը օգտագործած են զինք իշխանութենէն հեռացնելու համար: Ան նաեւ ըսած է, որ հայ զինեալներ Խոջալուի  ատրպէյճանական բնակչութիւնը յորդորած են, որ վերջիններս փախուստի դիմեն բաց ձգուած ճամբով, սակայն Ատրպէյճանի ազգային ճակատը խոչընդոտած է անոնց ելքը՝ քաղաքէն:
 
Ատրպէյճան յաջողած է նաւթի տոլարներով հասնիլ հոն, որ Միացեալ Նահանգներու 23 նահանգները Խոջալուի մահերը ոգեկոչեն իբրեւ «կոտորած»: Հակառակ Ատրպէյճանի  լոպիիստական յամառ ջանքերուն, այս նահանգներէն ոչ մէկը ընդունած է Ատրպէյճանի ենթադրեալ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ նկարագրելու համար այդ քանի մը հարիւր ատրպէյճանցիներու մահը Խոջալուի մէջ: Ատրպէյճան նաեւ իր լեցուն գրպանները օգտագործած է այս սպանութիւններուն  ճանաչումը  ստանալու համար  ութ  երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի (բնականաբար), Փերուի, Փանամայի, Հոնտուրասի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի, Սլովենիոյ, Ճիպութիի եւ Փարակուէյի: Աւելին, հետեւեալ եօթը երկիրներու՝ Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Մեքսիքայի, Քոլումպիոյ, Չեխիոյ, Սուտանի եւ Կուաթեմալայի խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերը ոգեկոչած են Խոջալուի սպանութիւնները:
 
Ատրպէյճան օգտագործած է յիշատակի այս բանաձեւերը, որպէսզի վնասէ Հայաստանի հեղինակութեան եւ հակազդէ աւելի քան 30 երկիրներու եւ ԱՄՆ 49 նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։
 
Թէեւ երբեմն դրամը կրնայ օգնել՝ ստանալու համար ձեր ուզածը, սակայն ուրիշ ատեն դրամը կրնայ խայտառակել ձեզ, ինչպէս որ պատահեցաւ յատկապէս անոնց, որոնք աւելի կանուխ ոգեկոչած ըլլալով Խոջալուի յիշատակը՝ այժմ կը հերքեն զայն եւ ներողութիւն կը խնդրեն ու չեղեալ կը համարեն իրենց ճանաչումը, հասկնալէ ետք, որ իրենք խաբուած են:
 
Ինչ որ տեղի ունեցաւ Սան Տիեկոյի՝ Քալիֆորնիոյ երկրորդ մեծ քաղաքին մէջ, այս ըսուածին նորագոյն խայտառակ օրինակն էր: 14 Հոկտեմբերին, ատրպէյճանական լրատուական միջոցները եւ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ պարծենալով յայտարարեցին, որ Սան Տիեկոյի քաղաքապետ Թատ Կլորիա հռչակագիր  հրապարակած է՝ 18 Հոկտեմբեր 2021ը սահմանելով իբրեւ «Ատրպէյճանի անկախութեան վերականգնման օր»:
 
Հռչակագրին մէջ ստայօդ կը պնդուէր, որ «Ատրպէյճան միջազգայնօրէն կը նկատուի յաջողակ օրինակ մահմետականներու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան համար»: Գլխաւոր հիւպատոս Աղաեւ այս առիթով բոլորին յիշեցուց, որ 2021ին «կ՛ամբողջանայ Պաքու-Սան Տիեկօ համագործակցութեան տասնամեակը»: Աղաեւ նաեւ նշեց, որ «1991էն ի վեր, ատրպէյճանցիները առաջին անգամ այս տարեթիւը պիտի նշեն իբրեւ յաղթանակած ժողովուրդ, որ վերականգնած է իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
 
Սակայն, գլխաւոր հիւպատոսին ոգեւորութիւնը տեւեց միայն մէկ օր: Հոկտեմբեր 15ին, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն՝ կոչ ընելով Սան Տիեկոյի քաղաքապետին՝ չեղեալ համարել իր հռչակագիրը, որ «կ՛արդարացնէ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները»: Նոյն օրը, Սան Տիեկոյի քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց նախապէս ընդունած ատրպէյճանամէտ իր հռչակագիրը: Քաղաքապետը գրեց․ «Ցաւով կը նշեմ, որ այս հռչակագիրին հրապարակումը սխալմունք է եւ պէտք է որ անիկա աւելի մանրակրկիտ քննուէր անձնակազմին կողմէ, քանի որ հոն հաշուի չեն առնուիր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, պատմութիւնը եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները»: Աւելի կարեւորը՝ անոր յայտարարածն է․ «Թէեւ նախկին վարչակազմերու կողմէ Սան Տիեկօ քաղաքը հռչակագիրներ հրապարակած է  Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան եւ նմանատիպ առիթներով, իմ գրասենեակը, սակայն, այս պահէն ետք բաւարարութիւն պիտի չտայ այդ խնդրանքներուն: Այս նպատակով ալ ես չեղեալ կը համարեմ այս հռչակագիրը, իսկ Սան Տիեկօ քաղաքը 18 Հոկտեմբերին պիտի մերժէ ճանչնալ զայն: Կը խնդրեմ, ընդունեցէք իմ խորին ափսոսանքը այս սխալմունքի համար, միաժամանակ ընդունեցէք գնահատանքս՝ իմ ուշադրութիւնը այս հարցի վրայ հրաւիրելու համար»։
 
Ասիկա «Պաքու-Սան Տիեկօ համագործակցութեան» աւարտն է: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը մուկի մը պէս լուռ էր այն պահէն սկսեալ, երբ քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց իր իսկ հռչակագիրը: Գլխաւոր  Հիւպատոսը  ոչինչ ըսաւ․․․
 
Չեղեալ յայտարարուած ատրպէյճանամէտ հռչակագիրներու շղթան Սան Տիեկոյով վերջ չի գտներ: 26 Փետրուար 2021ին, Պոսթոնի քաղաքապետ Մարթին Ուոլշ հռչակագիր հրապարակեց «Խոջալուի օրը» նշելու մասին: Այսուամենայնիւ, 10 Մարտ 2021ին քաղաքապետը փոխեց իր կարծիքը եւ գրեց․  «Ես կ՛ուզէի ներողութիւն խնդրել ամերիկահայ համայնքէն…: Ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներու հետ մեր ունեցած զրոյցներէն ետք մենք կը հասկնանք, որ այս հռչակագիրը վիրաւորական եղած է ձեզմէ շատերուն համար…: Ես որոշած եմ չեղեալ յայտարարել այս հռչակագիրը»:
 
Քաղաքապետ Ուոլշ, որ այժմ ԱՄՆ աշխատանքի նախարար է, բարձր գնահատական տուած է տեղւոյն հայ համայնքին եւ անդրադարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման: Այն, ինչ որ սկսաւ իբրեւ ատրպէյճանական քարոզչական ջանք, աւարտեցաւ իբրեւ Հայաստանի եւ հայերու հանրային կապերու մեծ յաղթանակ:
 
Նոյն բեմագրութիւնը կրկնուեցաւ Մէյն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին Սնայտըր ի սկզբանէ հռչակագիր հրապարակած էր 17 Փետրուար 2021ին՝ ի յիշատակ «Խոջալուի յիշատակի օրուան»: Այսուամենայնիւ, 1 Ապրիլ 2021ին քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշեցի չեղեալ յայտարարել քաղաքապետին հռչակագիրը» եւ աւելցուց․ «Անգամ մը եւս ներողութիւն կը խնդրեմ այն ցաւերուն եւ վիրաւորանքին համար, զորս պատճառած է այս հռչակագիրին հրապարակումը...»:
 
Նմանապէս, Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը յայտարարութիւն տարածած է 15 Հոկտեմբեր 2021ին՝ «Ատրպէյճանի օրը» նշելու մասին։ Անիկա Սան Տիեկոյի հռչակագիրին ճշգրիտ պատճէնն է: Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընս քաղաքի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրի յայտարարեց, որ քաղաքը «սխալմամբ  հռչակագիր մը հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւններ Թորընս քաղաքի մէջ յայտարարած էին Ատրպէյճանի ազգային օրը` հռչակագիրը ուժի մէջ մտնելու օրը: Համապատասխան տարածաշրջանի մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, քաղաքը յարգանքով խնդրած է Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն՝ հռչակագիրը ջնջել լրատուական բոլոր միջոցներէն»:
 
Այսուամենայնիւ, Սան Տիեկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները տակաւին գլխաւոր հիւպատոս Աղաեւի ֆեյսպուքեան էջի մէջ են:
 
Ասիկա նաեւ օրինակ մըն է Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ի գործ դրած քարոզչական անյաջող ջանքերուն: Քալիֆորնիոյ հայերուն բախտը բերած է, որ Ատրպէյճան Լոս Անճելըս ուղարկած է նմանօրինակ ապիկար գլխաւոր հիւպատոս մը։ Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ շուտով զայն յետս կոչեն Պաքու:
 
Բազմաթիւ այլ օրինակներ կան ատրպէյճանական քարոզչութեան անյաջող փորձերուն մասին: 25 Փետրուար 2021ին, Մինեսոթայի նահանգապետ Թիմ Ուալս հռչակագիր հրապարակեց «Ատրպէյճանի օրուան» կապակցութեամբ, սակայն մերժեց անոր մէջ ներառել «Խոջալու»ի յղումը: 
 
 Այսուհանդերձ, ատրպէյճանական լրատուական միջոցներ կեղծ տեղեկութիւններ տարածեցին այն մասին, որ իբր  թէ  նահանգապետը ստորագրած է «Խոջալուի ցեղասպանութեան» յիշատակի հռչակագիր մը:
 
Փոխանակ չեղեալ յայտարարելու Ատրպէյճանի լոպիիստներու յորդորով հրապարակուած յերիւրածոյ հռչակագիրները՝ ամերիկահայ համայնքը պէտք է կանխարգելիչ քայլերու դիմէ, որպէսզի ատրպէյճանամէտ կեղծ հռչակագիրները նախ եւ առաջ երբեք լոյս չտեսնեն:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գիրգորեան
 
 
 
 
 


  -   Քաղաքական
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփիւռքից - Նոյեան Տապան





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media