Մեծն Բրիտանիոյ Մէջ Առաջին Քայլը Նետուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղութեամբ. Տակաւին Շատ Գործ Կայ

17-11-2021 15:57:16   | Հայաստան  |  Քաղաքական
 
Կ՛ուզեմ փարատել որոշ թիւրիմացութիւններ՝ անցեալ շաբաթ Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին մասին:
 
Որոշ զեկոյցներու մէջ լուրը ճշգրտօրէն նկարագրուեցաւ` իբրեւ ներկայացուած օրինագիծի պարզապէս առաջին ընթերցում: Ուրիշներ այդ մէկը խեղաթիւրեցին` իբրեւ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան լիակատար ճանաչում: Որոշ վերլուծաբաններ նաեւ աւելի հեռուն երթալով սխալ եզրակացութիւն ըրին՝ դիտել տալով, որ  բրիտանական կառավարութիւնը որոշած է այս հարցով սատարել հայութեան՝ Թուրքիոյ դաս մը տալու համար...
 
Ասիկա Միացեալ Թագաւորութեան պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի Համայնքներու պալատին մէջ՝ Մասնաւոր անդամներու օրինագիծի օրակարգով։ Նախապէս թեման բարձրացուած է Օրուան  առաջարկներու օրակարգով, որ անարդիւնաւէտ  միջոց մըն է, մինչեւ ճանաչում հասցնելու համար նիւթը:
 
Ահա՛ ներկայացուած թիւ 190 58/2 օրինագիծին ամբողջական գրութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը» վերնագրով։
 
«Օրինագիծ, որ պիտի պահանջէ Նորին Մեծութեան կառավարութենէն՝ պաշտօնապէս ճանչնալ 1915էն 1923 թուականներուն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը. նաեւ առնչակից նպատակներուն համար:
 
«Հաստատել Նորին Գերազանցութիւն Թագուհիին  կողմէ, հոգեւոր, աշխարհիկ եւ համայնքներու լորտերու խորհուրդով եւ համաձայնութեամբ, ներկայ  Խորհրդարանին մէջ եւ նոյն հեղինակութեամբ, հետեւեալ կերպով.
 
«1. Ցեղասպանութեան ճանաչում. Նորին Մեծութեան կառավարութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ընդունի, որ 1915էն 1923 թուանկաններուն Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ հայերու սպաննութիւնները ցեղասպանութիւն էին:
 
«2. Ոգեկոչում եւ կրթութիւն. ա) Պէտք է ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ամէնամեայ ոգեկոչում, որ կրնայ մաս կազմել ցեղասպանութիւններու աւելի լայն ոգեկոչման. բ) Պետական քարտուղարը պէտք է խրախուսէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու մասին կրթութիւնն ու հանրային ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութիւնը՝ մարդկութեան դէմ գործուած ժամանակակից յանցագործութիւններուն եւ ռազմական յանցագործութիւններուն:
 
«3. Մեկնաբանութիւն. Այս օրէնքին մէջ «ցեղասպանութիւն»ը ունի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրի 2րդ յօդուածին եւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 6րդ յօդուածին մէջ տրուած նշանակութիւնը. «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»ը ունի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 7րդ յօդուածին մէջ տրուած նշանակութիւնը. «պատերազմական յանցագործութիւններ»ը ունին այն  նշանակութիւնը, որ տրուած է Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 8րդ յօդուածին մէջ։
 
«4. Տարածումը,  մեկնարկը  եւ կրճատ անուանումը. ա) Այս օրէնքը կը տարածուի ամբողջ  Միացեալ Թագաւորութեան մէջ. բ) Այս օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ ընդունման օրուընէ»:
 
Օրինագիծը ներկայացուած է 9 Նոյեմբեր 2021ին՝ տասը վայրկեանի կանոնակարգով, խորհրդարանի պատգամաւորի մը կողմէ։ Թէեւ ոեւէ անդամ իրաւունք ունի դէմ արտայայտուելու օրինագիծի ներկայացման, սակայն ոչ ոք ըրաւ այդ: Օրէնսդրութեան ընդունման գործընթացը երկար է ու բարդ։
 
Հայաստանի համար համակուսակցական խորհրդարանական խումբի նախագահ, խորհրդարանի անդամ Թիմ Լաթընի ընտրական  շրջանին մէջ հայեր չկան։ Մասնաւոր անդամներու օրինագիծը, զոր ան ներկայացուցած էր, ունէր 15 համահեղինակ՝ քաղաքական վեց տարբեր կուսակցութիւններէ՝ Պահպանողական կուսակցութիւն, Աշխատաւորական կուսակցութիւն, Ազատական-դեմոկրատներ, Սքոթլանտայի ազգային կուսակցութիւն, Դեմոկրատական  միութենական կուսակցութիւն եւ Ուէլզի կուսակցութիւն (Plaid Cymru): Իր խօսքին մէջ Լաթըն շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր նախագահ Անեթ Մոսքոֆեանի՝ «անոր օգնութեան ու աջակցութեան համար՝ ինչպէս Հայաստանի համար համակուսակցական խորհրդարանական խումբին, այնպէս ալ օրինագիծի նախապատրաստման համար»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին. «Ուրախ եմ տեսնել եւ կրնամ հաստատել այս երկուքին  ներկայութիւնը Այցելուներու սրահին մէջ»։
Յաջորդ քայլը՝ օրինագիծին երկրորդ ընթերցումն է, որ կրնայ տեղի ունենալ 22 Մարտ 2022ին։ Սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք այս օրինագիծը կ՛ընդունուի՞ այդ օր, քանի որ անիկա կառավարութեան աջակցութիւնը չվայելող օրինագիծ մըն է։ Կը նախատեսուի յառաջիկայ տարի նմանատիպ օրինագիծ մը ներկայացնել Լորտերու պալատ։
 
Այս օրինագիծը հիանալի հնարաւորութիւն կու տայ Մեծն Բրիտանիոյ՝ բարձրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։ Թրքական կառավարութիւնն ու լրատուական միջոցները հրապարակային առարկութիւն չեն ըրած այս օրինագիծի ներկայացման առթիւ։ Այսուամենայնիւ, թրքական կառավարութիւնը, հաւանաբար, լոպիինկ կ՛իրականացնէ անոր ընդունումը արգելափակելու համար: Արդէն իսկ թուրքերը եւ կիպրացի թուրքերը, որոնք օրինագիծի հովանաւորներէն պատգամաւոր Իան Տանքըն Սմիթը ընտրողներն են, իրենց վրդովումը յայտնած են անոր աջակցութեան կապակցութեամբ։ Համայնքներու պալատին մէջ օրինագիծի առաջին ընթերցումէն ընդամէնը օրեր առաջ, թրքական ճաշարանի մը մէջ անոր համար դրամահաւաքի ընթրիք մը կազմակերպուած է, որուն մասնակցած են բազմաթիւ թուրքեր։ Միջոցառումը մասամբ հովանաւորուած է Turkish Airlinesի եւ Cyprus Paradiseի կողմէ, որ «զբօսաշրջային ամէնէն մեծ կազմակերպողն է՝ դէպի (Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած) Հիւսիսային Կիպրոս»։ Թրքական համայնքի անդամները ըսած են, որ ապագային պիտի չաջակցին Տանքընի։
 
Ներկայացուած բոլոր օրինագիծները պէտք է երեք ընթերցումէ անցնին, խորհրդարանի երկու պալատներու մէջ: Անոնք նաեւ պէտք է անցնին երեք փուլերէ՝ յանձնախումբ, հաշուետուութիւն եւ քննարկում: Եթէ այս օրինագիծը յաջողութեամբ անցնի նշեալ բոլոր փուլերէն, անիկա անմիջապէս կը ներկայացուի թագաւորական համաձայնութեան:
 
Հակառակ հայ զանազան փորձագէտներու սխալ վերլուծութիւններուն՝ այս օրինագիծը չունի բրիտանական կառավարութեան աջակցութիւնը։ Ասիկա պարզապէս Թիմ Լաթընի եւ քանի մը այլ պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնն է: Երբ գայ օրինագիծի ընդունման պահը, բրիտանական կառավարութիւնը հաւանաբար փորձէ արգելափակել զայն։ Ինչպէս Լաթըն յիշեց իր խօսքին մէջ, 1999-ին, Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը ամօթալի կերպով յայտարարած է. «Հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու (քաղաքական, ռազմավարական, առեւտրային) կարեւորութիւնը… (Հայոց) Ցեղասպանութեան ճանաչումը գործնական օգուտ չի բերեր Մեծն Բրիտանիոյ»:
 
Բրիտանական կառավարութիւնը չէ փոխած իր ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։ Իրականութեան մէջ, Մեծն Բրիտանիա ընդլայնած է իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ անցեալ տարի 25 միլիառ տոլարի առեւտրային գործարք կնքելով անոր հետ։
 
Կը յուսանք, որ այս տարուան սկիզբին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերահաստատումը խթան հանդիսանայ՝ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ:
 
Բրիտանական կառավարութիւնը, որ լիովին տեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան վայրագութիւններուն, նոյնիսկ այն պահուն, երբ անոնք տեղի կ՛ունենային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ ոչ թէ վերջին, այլ առաջին պետութիւնը պէտք է ըլլար:
 
Այսուամենայնիւ, լաւ է ուշ, քան երբեք: Բարի կամքի տէր բոլոր մարդերը պէտք է ճնշում գործադրեն բրիտանական կառավարութեան վրայ՝ որպէսզի վերջինս փոխէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման գծով: Անոնք պէտք է հեղեղեն պատգամաւորներու աշխատասենեակները հաղորդագրութիւններով՝ ներկայացուած օրինագիծին աջակցելու կոչ ուղղելով անոնց։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 


  -   Քաղաքական
Լուրեր Հայաստանից եւ Սփիւռքից - Նոյեան Տապան





Բոլոր երկրները |



Developed by IT Media